top of page

Սիւնակներ

Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի 106-րդ տարին… Ի՞նչ պէտք է ընել աւելի լաւ արդիւնք ունենալու համար

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ, «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր


Յարգելի Պրն. Չոլաքեան, Ի՞նչպէս ընթացած է եւ կ՚ընթանայ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը մէկ դարէ աւելի։


Շատ ընդարձակ հարցում է։ Փորձենք, ընդհանուր կէտերու մէջ ներկայացնել։

Մեծ եղեռնը շրջադարձային թուական մըն է Հայոց պատմութեան մէջ։ Անկէ առաջ միջազգային հարթակի վրայ գոյութիւն ունէր «հայկական հարց» տարազը, որ ծնունդ առած է 1877-1878-ի ռուս-թուրք պատերազմէն ետք, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան կրած քաղաքական հալածանքներուն ու հարստահարութիւններուն առաջքը առնելու, անոնց գոյութիւնը ապահովելու համար նախատեսուած՝ արեւմտեան պետութիւններու կողմէ գործածուող դիւանագիտական բանաձեւում մըն էր։ Անոր զուգահեռ, Հայերը սանձազերծած էին ազատագրութեան պայքարը եւ ստեղծած՝ հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները։

Նախ եւ առաջ ճշդում մը. «Ցեղասպանութեան ճանաչում» տարազը ընդամէնը 50-60 տարուան պատմութիւն ունի։ Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը արդէն 106 տարեկան է։

Տարագիրները իրենց կրած ողբերգութիւնը ճանչցնելու խնդիր չունէին։ Ցեղասպանութիւնը իրենց մէջ նստած էր։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը Ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացաւ, Հրեաներու ողջակէզին միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը առիթ տուաւ «ցեղասպանութիւն» եզրին Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ ստեղծումին, իբրեւ քրէական նոր յանցանք մը։ Միայն 1960-70-ականներուն է, որ «Ցեղասպանութեան ճանաչում»-ը սկսած է իբրեւ քաղաքական պահանջ ձեւաւորուիլ Հայ դատի ծիրէն ներս, որ շատ աւելի ընդարձակ քաղաքական ծրագիր մըն է. վերջինս նոր լիցք ստացած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կորուստէն ետք, երբ անոր կերտիչները դարձան վտարանդի։

1915-էն ետք Հայկական հարցը վերափոխուեցաւ Հայութեան գոյապայքարին, ինքնութենական պայքարին, Մեծ եղեռնի յիշողութեան պայքարը ածանցուեցաւ այս երկուքին, իսկ 1920-էն ետք Հայ դատի նոր էջ մը բացուեցաւ։ Որքան ատեն որ Հայը գոյութիւն պիտի ունենայ աշխարհի երեսին՝ յիշողութեան պայքարը պիտի շարունակուի։

Ցեղասպանութեան ճանաչումի պայքարը մէկ մասնիկն է Յիշողութեան աւելի ընդարձակ պայքարին։ Ճանաչումը կը յղուի օտարին, երրորդ կողմին։ Իսկ յիշողութեան պայքարը նախ եւ առաջ ներքին է, անհատական եւ հաւաքական։ Ներքնապէս վերապրելու ուժը վերագտնելու կարողականութիւն է, կորսուած մշակոյթը վերակերտելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու, անկախ պետականութիւն ստեղծելու։ Իսկ ճանաչման պայքարը միջազգային հանրութեան ուղղուած քաղաքական պահանջատիրական աշխատանք է եւ հատուցումի համար պայքար։ Պետականութիւնը կարեւոր յենարան է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։

Կարեւոր անկիւնադարձեր են՝ Ցեղասպանութեան 50-ամեակի ոգեկոչումը Սովետական Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ 1973-էն սկսեալ զինեալ պայքարը, որուն մեկնարկը տուաւ Գուրգէն Եանիկեան, հետեւելով Սողոմոն Թեհլիրեանի օրինակին…


Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ նոր միջոցներ պէտք է օգտագործել աւելի լաւ արդիւնք ունենալու համար։


Նախ եւ առաջ պէտք է տեսնել թէ հարիւրամեայ պատմութեան մէջ ինչ խոչընդոտներու հանդիպած է Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Զանոնք վերացնելու գործիքակազմը պէտք է ստեղծել։

Ա- Մեծ պետութիւնները զլացան Երիտթուրքերը պատերազմական դատարանի միջոցով պատժելու՝ մարդկութեան դէմ անոնց գործած ոճիրներուն համար,

Բ- Մեծ պետութիւններու տնտեսական շահերը,

Գ- Բոլշեւիզմը եւ սովետական գաղափարախօսութիւնը, որոնք Հայ դատը եւ Ցեղասպանութեան յիշատակումը հալածեցին եւ պատժեցին իբրեւ ազգայնապաշտական հակահամայնավար գաղափարախօսութիւն,

Դ- Հայկական կուսակցութիւններու ներքին բախումները,

Ե- Եկեղեցւոյ պառակտումը՝ Էջմիածին-Կիլիկիոյ աթոռ,

Զ- Անկախ Հայաստանի մէջ սովետական գործելաոճի հետեւորդները, որոնք պետութեան կողոպուտով զբաղեցան, փոխանակ զայն հզօրացնելու։

Տնտեսական զարգացումը, մշակութային զարգացումը, իրաւական երկիր հիմնելը կ՚օգնեն Ցեղասպանութեան արդար դատը յառաջ մղելու եւ Արցախի ճանաչման պայքարն ալ շահելու։

Շնորհակալութիւն՝

Շաքէ Մանկասարեան

«Սփիւռքի Ձայնը» Հայաստանի Հանրային Ռատիօ եւ Ռատիօ ԱՅԳ

21 Ապրիլ 2021

0 comments

Comments


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page