«Թաթէոսեան Լոնտոն». Արուեստի, վարպետութեան եւ միջազգային շքեղութեան միաձուլումը
✎ Շաքէ Մանկասարեան December 24, 2024
Լոնտոնաբնակ ելեւմտագէտ Ռոպըրթ Թաթէոսեան ոսկերչական զարդեղէններու համաշխարհային ճանաչում ունեցող ոճաբան-ձեւագէտ է:
1990-ին, Լոնտոնի մէջ, Ռոպըրթ Թաթէոսեան կը ստեղծէ իր սեփական վաճառանիշը՝ Tateossian Ltd-ը՝ ներկայացնելով ինքնատիպ եւ արտայայտիչ ոճով տարբերակներ թէ՛ այրերու, թէ՛ կանանց համար:
Ռոպըրթ հանրածանօթ է որպէս «ճարմանդներու արքայ»՝ իր նրբագեղ ու նրբաճաշակ ստեղծագործութիւններուն համար, որոնք կը միաձուլեն անոր բազմարմատ ծագումը, շքեղութեան հանդէպ սէրը եւ բազմածաւալ ճամբորդութիւնները: 1990-էն ի վեր անգլիահայ ոսկերիչը նոր եւ ինքնորոյն իմաստ կու տայ թանկարժեք զարդեղէններու ձեւագիտութեան:
Ռոպըրթ Թաթէոսեան արմատներով Արեւմտահայաստանէն է. մեծ հայրը՝ Ատանայէն, իսկ մեծ մայրը՝ Զմիւռնայէն։ 1915-ի բռնագաղթին հաստատուած են Լիբանան։ Տարիներ ետք, ընտանիքը տեղափոխուած է Անգլիա:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը մէջ, ան կ’ըսէ, — «Հայաստան մեծ տպաւորութիւն ձգեց վրաս, ուր առաջին անգամ ինքզինքս հայ զգացի»։
Հայ ըլլալը մեծապէս նպաստած է իրեն: Ֆիլատելֆիոյ, Լոս Անճելըսի եւ Լաս Վեկասի հայերը օգնած են իրեն խանութներ բանալու։ իր կարգին, ան օժանդակած է հայ համայնքին՝ իր առաջին հաւաքածոյէն ստացուած շահոյթը նուիրելով Մեծն Բրիտանիոյ հայկական եկեղեցւոյ: Ան իր հաւաքածոներէն մէկը անուանած է «Երեւան»։ «Թաթէոսեան Լոնտոն» վաճառանիշը տարածուած է աշխարհի աւելի քան 70 երկիրներու մէջ:
Քուէյթի մէջ ծնած լիբանանահայ ծագումով Ռոպըրթ իր կրթութիւնը ստացած է Հռոմի ֆրանսական դպրոցներուն մէջ: Ան կը տիրապետէ եօթը լեզուներու: Նախքան զարդեղէններու ձեւագիտութեան անցնիլը, ան միջազգային ելեւմտագիտութիւն ուսանած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի Wharton School of Finance-ի մէջ եւ ելեւմտագիտական յաջող ասպարէզ ունեցած է դրամատնային մարզին մէջ աշխատելով Մերիլ Լինչի հետ Ուոլ Սթրիթի եւ Լոնտոնի մէջ:
Իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, ան կը բացատրէ թէ ինչու ելեւմտական աշխարհէն հեռացած ու կ’ըսէ,— «Իմ չափանիշներովս, ես կ’ուզէի ըլլալ ձեռնարկու, ճամբորդել աշխարհով մէկ եւ կը սիրէի նորաձեւութիւնը: Քաղաքին մէջ, բոլոր դրամատուն աշխատողները 80-ականներու կէսերուն ճարմանդներ կը կրէին իրենց շապիկներու թեւերուն վրայ, բայց անոնց ոճը միօրինակ էր, անհրապոյր: Ի տարբերութիւն փողկապներու, ճարմանդներու ոճային տարբերակները սահմանափակ էին։ Հետեւաբար, զգացի որ այս շուկան յղի է հնարաւորութիւններով եւ որոշեցի յայտնաբերել զանոնք» :
Թէեւ Թադէոսեան նախապէս հանրածանօթ էր իր ճարմանդներով, սակայն ժամանակի ընթացքին կ’ընդլայնէ իր հաւաքածոն տղամարդոց, կանացի եւ իւնիսէքս զարդեղէններու բազմազան տեսակներով:
Հաւաքածոն կը ներառէ ժամացոյցներ, մատանիներ, վզնոցներ, ապարանջաններ, օղեր եւ այլն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը մարմնաւոր է հեղինակային ստեղծագործ հնարամտութիւն մը եւ նիւթերու համարձակ օգտագործում մը:
Ռոպըրթին նորարական ձեւաւորումները կը գերազանցեն ու կ’անցնին ստեղծագործութեան սահմանները՝ միախմբելով աւանդական մետաղները, ինչպէս՝ արծաթն ու ոսկին, թանկարժէք քարերու եւ անսովոր նիւթերու հետ, ինչպէս՝ ածխածնային մանրաթելերն ու երկնաքարերը: Իւրաքանչիւր կտոր կը մարմնաւորէ Tateossian վաճառանիշի՝ նորարար նիւթերու, բծախնդիր վարպետութեան եւ համարձակ ոճի ինքնորոյն համադրութիւն մը:
Անոր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը խոր սէր մը կը բացայայտէ բարդ մեքանիզմներու, տպաւորիչ գեղագիտութեան եւ ընդհանրապէս ինքնատպութեան հանդէպ:
Ռոպըրթ իր ժամանակը կ’անցնէ Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի միջեւ ու ճամբորդելով աշխարհով մէկ՝ հազուագիւտ նիւթեր յայտնաբերելու, յաճախորդներու եւ մատակարարներու հետ կապ հաստատելու եւ ներշնչում փնտռելու ու գտնելու իր շարունակաբար զարգացող հաւաքածոներուն համար:
Իր ստեղծագործական աննախադէպ մտայղացումներով եւ պերճանքի ու շքեղութեան ըմբռնումը վերանորոգելու յանձնառութեամբ, Ռոպըրթ Թաթէոսեան կը շարունակէ ընդլայնել ժամանակակից զարդարանքներու նորարարութեան հորիզոնը:
Օգտագործուած աղբիւրներ.-
Комментарии