Զմիւռնեցի սաղիմահայ լուսանկարիչ եւ լուսանկարչութեան ուսուցիչ Կարապետ Գրիգորեան (1847 – 1918)
✎ Շաքէ Մանկասարեան February 15, 2025


Լուսանկարիչ Կարապետ Գրիգորեան

Երուսաղէմ կու գայ Զմիւռնիա (Իզմիր) քաղաքէն: 1859-ին, 12 տարեկանին կը տեղափոխուի Երուսաղէմ՝ ուսանելու Հին քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, ուր վարդապետ Եսայի Կարապետեան կ’աշխատէր հայոց պատրիարքարանին մէջ իբրեւ լուսանկարիչ եւ հիմնած էր սեփական լուսանկարչական արուեստանոց մը: Սակայն, Եսայի Դ. Կարապետեան Թալասցի հայոց պատրիարք ընտրուելէն յետոյ, լուսանկարչական գործը կը շարունակեն իր երիտասարդ սաները, որոնցմէ էր Կարապետ Գրիգորեան։
Հայոց պատրիարք Եսայի Դ. Կարապետեան Թալասցի առանցքային դեր ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան տարածքին լուսանկարչութեան ընդարձակման մէջ, 19-րդ դարուն։ Ան Երուսաղէմ եկած է շուրջ 1844 թուականին եւ սկսած է լուսանկարչութեամբ զբաղիլ 1857ին։ 1855-85-ին Եսայի վրդ. (հետագային` պատրիարք) Կարապետեան վանքին մէջ կը բանայ լուսանկարչական արհեստանոց մը: Եսայի Դ Թալասցիի աթոռակալած է 21 տարիներ (1864–1885):
Հայոց պատրիարք Եսայի Դ. Կարապետեան Թալասցի առանցքային դեր ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան տարածքին լուսանկարչութեան ընդարձակման մէջ, 19-րդ դարուն։ Ան Երուսաղէմ եկած է շուրջ 1844 թուականին եւ սկսած է լուսանկարչութեամբ զբաղիլ 1857ին։ 1855-85-ին Եսայի վրդ. (հետագային` պատրիարք) Կարապետեան վանքին մէջ կը բանայ լուսանկարչական արհեստանոց մը: Եսայի Դ Թալասցիի աթոռակալած է 21 տարիներ (1864–1885):

Գրիգորեաններու պատմութիւնը
Կարապետ Գրիգորեան պատրիարք Եսայի Կարապետեանի նշանաւոր աշակերտներէն մէկն էր։ Կարապետ կը հանդիպի «Տալիթա Կումի» որբանոցի քոյրերէն Քարիմա Թաննուսի՝ լիբանանցի լութերական կարգի նորեկ աշակերտուհիներէն մէկուն: Անոնք կը սիրահարին եւ կ’որոշեն ամուսնանալ եւ կը դառնայ Բողոքական եկեղեցւոյ հետեւորդ, որուն պատճառով տեղի հայ համայնքը չ’ընդունիր զինք եւ կը հեռացնէ եկեղեցիէն:
Կարապետ Գրիգորեան 1870-ականներուն կը բանայ իր լուսանկարչկան սթիւտիոն Երուսաղէմի մէջ, Եաֆֆայի ճամբուն վրայ: Անոր աշխատանքը հիմնականօրէն դիմանկարի լուսանկարչութիւն էր, որ կը ներառէր երկրին տեղացի բնակիչները, զբօսաշրջիկներն ու ուխտաւորները:
1890 թուականին, Խալիլ Ռաատ կը բանայ իր սթիւտիոն, Գրիգորեանի սթիւտիոյին կից, եւ կը սկսի կատաղի մրցակցութիւն մը առեւտրական երկու սթիւտիոներու միջեւ, որ կ’աւարտի Գրիգորեանի զաւակին՝ Յովհաննէսի ամուսնութեամբ Ռաատի զարմուհիին հետ:

Կարապետ Գրիգորեան եղած է ուսուցիչ հանրաճանաչ

բազմաթիւ լուսանկարիչներու, որոնցմէ էր Խալիլ Ռաատը։
Ուսուցիչ լուսանկարիչ Կարապետ Գրիգորեանի եւ աշակերտ Խալիլ Ռաատի մրցակցութեան պատմութիւնը եղած է յատկանշական: Խալիլ Ռաատ կը համարուէր Պաղեստինի ամենավաղ արաբ լուսանկարիչը, բայց սորված էր Գրիգորեանէն:
Կարապետ Գրիգորեանի աշակերտներէն եղած է նաեւ Եաակով Պեն-Տով, որ ծանօթ է որպէս «իսրայէլեան շարժանկարի ռահվիրան»։
Լուսանկարիչ Կարապետ Գրիգորեան իր լուսանկարով կը վաւերագրէ հոկտեմբեր 1898-ին Վիլհեմ Բ. կայսեր սուրբ Երկիր կատարած այցելութիւնը, որուն համար Գրիգորեան Եաֆֆայէն Տաուուտ Սապունճիի հետ հանդէս կու գայ որպէս պաշտօնական լուսանկարիչ եւ կը դառնայ «փրուսիական արքայական տան լուսանկարիչ» (տես նկարը, որ պահպանուած է ամերիկեան քոնկրեսի գրադարանին մէջ):


Լուսանկարիչ Խալիլ Ռաատի եւ Կարապետ Գրիգորեանի մրցակցութիւնը կը շարունակուի մօտաւորապէս մինչեւ 1913, երբ Կարապետ Գրիգորեանի որդին՝ Յովհաննէս կը վերադառնայ Գերմանիայէն, ուր լուսանկարչութիւն ուսանած էր։
Յովհաննէս Գրիգորեան բազմատաղանդ արուետագէտ էր։ Ան դաշնամուր կը նուագէր եւ կը սիրէր օփերան, ու այդպէս ալ իր դուստրը կոչած էր Այտա՝ իտալացի նշանաւոր երգահան Վերտիի «Այտա» օփերային հետեւութեամբ, զոր Վերտի Եգիպտոսի կառավարութեան պատուէրով յատուկ գրած էր Սուէզի ջրանցքի բացման առթիւ

Կարապետ Գրիգորեան կը մահանայ 11 դեկտեմբեր 1920-ին եւ թաղուած է Երուսաղէմի Սիոն սարին վրայ՝ բողոքական եկեղեցւոյ գերեզմանատունը։ Անոր մահէն ետք, լուսանկարչական գործը կը շարունակէ որդին՝ Յովհաննէսը, մինչեւ 1948 թուականը։
Յովհաննէս Գրիգորեան կը ստանձնէ իր հօր լուսանկարչական սթիւտիոն եւ կ’ամուսնանայ լուսանկարիչ Խալիլ Ռաատի զարմուհիին՝ Նաժլա Նաժմի հետ, որ շատ փոքր տարիքին Երուսաղէմ եկած էր մօրը՝ Սառայի հետ, Միացեալ Նահանգներ գաղթած հօր հետ կապը կորսնցնելէ ետք:
Իր պատանեկան տարիքին, Նաժլա կը փոխէ իր ազգանունը՝ Նաժմէն դառնալով Ռաատի, քանի որ հօրեղբայրը՝ Խալիլ Ռաատ իր կեանքի հայրական կերպարը եղած էր. Նաժլա չէր հանդիպած իր հարազատ հօրը, որ գաղթած էր Ամերիկա, երբ մայրը տակաւին յղի էր:
Բնաւ զարմանալի չէր, որ Նաժլայի ամուսնութիւնը Յովհաննէս Գրիգորեանի հետ յատկանշական պիտի դառնար երկու ընտանիքներու միջեւ կատաղի մրցակցութեան աւարտով եւ նոր էջ մը պիտի

բացուէր անոնց պատմութեան մէջ. Նաժլա պիտի դառնար «խաղաղութեան հարս»:
Ըստ դոկտ. Հաշըմ Ապումայի կատարած անձնական հարցազրոյցներուն, Նաժլա առանցքային դեր ունեցած է սթիւտիոյին մէջ՝ սկսած զբօսաշրջիկներու համար զգեստներ պատրաստելով մինչեւ գունաւոր լուսանկարներ։
Ինչպէս պաղեստինցիներու մեծ մասը, այնպէս ալ Յովհաննէս եւ Նաժլա Գրիգորեանները 1948-ին կորսնցուցին իրենց ունեցուածքին մեծ մասը, ներառեալ տարազները, լուսանկարչական հաւաքածոները եւ սարքաւորումները: Նոյնիսկ սթիւտիոն կը քանդուի։ Բարեբախտաբար, որոշ լուսանկարներ պահպանուած են: Ընտանեկան դիմանկարներու մեծ հաւաքածոն պահպանած է Այտան, որ Սամիրա Քաուարի մայրն է: Կարապետ Գրիգորեանի քանի մը լուսանկարները պահպանուած են ամերիկեան քոնկրեսի գրադարանին մէջ (Library of Congress): Ժոզէֆ Մալիքեան եւս ունի փոքր հաւաքածոյ մը Գրիգորեանի լուսանկարներէն:
1948-ի պաղեստինեան պատերազմի Նաքպայէն نكبة կարճ ժամանակ անց, Յովհաննէս Գրիգորեան կը մահանայ քաղցկեղէն 1951-ին:
Գրիգորեանները թողած են նաեւ անձնական հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ՝ երկրի տեղացի բնակիչներու դիմանկարները, որոնք կը վկայագրեն եւ կը ջրեն գաղութատիրական եւ վերաբնակիչ-գաղութային ներկայացուցչութիւններու հերքումները։ Այդ լուսանկարները նաեւ հայացք մը կը սփռեն Երուսաղէմի փոփոխւող հասարակական եւ տնտեսական տարածքին վրայ:
Օգտագործուած աղբիւրներ

British Mandate Jerusalemites Photo Library
Yessayi Garabedian, the Armenian Patriarch in Jerusalem, Félix Bonfils, 1880s-1890s, Albumen print, Creative Commons – Wikipedia, LL/39320
Hashem Abushama is a Rhodes Scholar and a doctoral candidate at the University of Oxford’s School of Geography and the Environment. His research looks at the politics of recognition within Palestinian cultural production, particularly the alternative music scene, in the post-Oslo period. He is the recipient of the Open Society Foundation’s Civil Society Scholar Award 2019. He holds an MSc in Refugee and Forced Migration Studies from the University of Oxford, and a BA in Peace and Global Studies from Earlham College in Indiana.
https://www.palestine-studies.org/sites/default/files/jq-articles/31_hage_1_0.pdf The Armenian Pioneers of Middle Eastern Photography . Badr El-Hage is a London.
Lusadaran Armenian Photography Foundation, Yerevan https://www.lusarvest.org/practitioners/krikorian-garabed/
Comentarios