Գործակցութիւն Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գրադարաններուն միջեւ (Բ. մաս)
✎ Շաքէ Մանկասարեան November 27, 2024
Վերջերս, Շարժայի եւ Տուպայի մէջ տեղի ունեցան երկու բացառիկ իրադարձութիւններ. Շարժայի մէջ «Շարժայի 43-րդ գիրքի միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառ»ը (6-17 նոյեմբեր 2024)՝ ‘It Starts with a Book’ խորագրով: Ցուցահանդէսին բացման արարարողութիւնը կատարեց Շարժայի կառավարիչ Շէյխ դոկտոր Սուլթան պին Մուհամմատ Ալ Քասիմին: Իր բացման խօսքին մէջ, Շարժայի կառավարիչը լուսարձակի տակ առաւ «արաբերէնի, գրականութեան, գիտութիւններու եւ պատմութեան զարգացման ուղղութեամբ կատարուած ջանքերը՝ ընդգծելով պատմական ժողովածուի առանցքային դերը այս գործին մէջ եւ հաստատեց գիտելիքի յառաջդիմութեան, մշակութային իրազեկութեան տարածման եւ արաբերէնը ամբողջ աշխարհին մէջ զօրացնելու եւ ամրապնդելու յանձնարարութիւնը»:
Գիրքի 43-րդ ցուցահանդէսը հիւրընկալեց 2522 հրատարակիչ, 108 երկիրներէ մասնակցող ցուցադրողներ, 63 երկիրներէ ժամանած 250 հիւրեր, որոնք բաժին ունեցան աւելի քան 1357 տարբեր միջոցառումներէ բաղկացած օրակարգին մէջ, ներառեալ՝ 500 մշակութային նիստեր, սեմինարներ եւ քննարկումներ, ուր հեղինակները անդրադարձան հիմնականօրէն մշակութային եւ գրական հարցերու, նաեւ ուսումնասիրեցին արաբական եւ համաշխարհային գրականութեան վերջին ուղղութիւնները:
Իսկ Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ Տուպայի Մուհամատ պըն Ռաշիտի անուան գրադարանի միջազգային առաջին խորհրդաժողովը» (The first Dubai International Library Conference)՝ 15-17 նոյեմբեր 2024-ին, «Մեր գրադարանները. անցեալ, ներկայ եւ ապագայ» (Our Libraries: Past, Present, Future) խորագրով: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան գրադարանագէտներ եւ փորձագէտներ, շուրջ 70 բանախօս աւելի քան 27 երկիրներէ: Բացման ելոյթին, Մուհամատ պըն Ռաշիտ ալ Մաքթում գրադարանի հիմնարկին նախագահ Մուհամատ Ահմատ ալ Մըր ընդգծեց. – «Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ գրադարանները կը գործեն որպէս կամուրջներ մշակոյթներու միջեւ: Աւելին, գրադարանները կը ծառայեն որպէս մշակութային ժառանգութեան պահապաններ, նորարարութեան եւ ստեղծագործութեան տարրալուծարաններ եւ կրթական ու մտաւոր յառաջդիմութեան խթանիչներ»։ Անձնապէս առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու խորհրդաժողովի եռօեայ նիստերուն, ներառեալ՝ բացումին:
Երեւանի Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն Ռուզան Տոնոյեան, Էմիրութիւններ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս ներկայ գտնուած էր վերոյիշեալ իրադարձութիւններուն:
Տոնոյեան կը յայտնէ.- «Այս տարի եւս մասնակցեցայ Շարժայի գիրքի միջազգային տօնավաճառին՝ ներկայացնելով Հայաստանի մանկապատանեկան գրականութեան առկայ գործընթացներն ու գրական ծրագիրները։ Այցելութեան ընթացքին բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցանք պաշտօնակից կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ: Քննարկեցինք երկկողմանի համագործակցութեան շարք մը ծրագրեր, իրականացուցինք պայմանաւորուածութիւններ եւ նախագծեցինք գործակցութեանն առնչուած հնարաւոր ուղիներ: Տօնավաճառի ծիրէն ներս հանդիպեցանք մանկապատանեկան գիրքի միջազգային կոմիտէի արաբական մասնաճիւղի նախագահ, Շարժայի հանրային «Իմաստութեան տուն» (House of Wisdom) գրադարանի տնօրէն Մարուա Ալ Աքրուպի հետ: Հանգամանօրէն ծանօթացանք կառոյցի տարածքային հնարաւորութիւններուն եւ մասնագիտական գործունէութեան: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձանք նաեւ մանկապատանեկան գրականութեան կապուած շարք մը հարցերու, քննարկեցինք գործակցութեան կարելի տարբերակներ, մշակել ծրագիրներ»։
«Պայմանաւորուածութիւններ ձեռքբերինք նաեւ «IBBY UAE»-ի հետ իրականացուող գրական, մշակութային միացեալ ծրագիրներ: Մասնաւորապէս, շեշտը դրինք մեր գրադարանի հեղինակային «Հեքիաթի դեսպաններ» ծրագրին վրայ, որ մեծապէս գնահատուեցաւ մեր պաշտօնակիցին կողմէ: Համագործակցութեան շարք մը նախնական այլ պայմանաւորածութիւններ եւս կան՝ գրադարանային մարզի աշխատակիցներու փորձի փոխանակման, վարպետութեան դասերու եւ վերապատրաստութեան դասընթացքներու առնչուած։ «IBBY UAE»-ի տաղաւարին մէջ ցուցադրուեցաւ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի գործունէութիւնը պատմող ֆիլմ մը, ուր հանգամանօրէն ներկայացուած էր նաեւ գրադարանին մէջ գործող «Արաբական անկիւն»ի գործունէութիւնը»:
Այս բոլորին կողքին, Տոնոյեան կ’այցելէ նաեւ Շարժայի «Kalimat Foundation»ը, որուն հետ արդէն կը գործակցի 2018-էն ի վեր: Գրադարանի աշխատակից Մարալ Տիքպիկեանի հետ, ան այցելած էր նաեւ Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանը: «Էմիրութիւններ այցելութեան ծիրէն ներս միշտ կարեւոր է նաեւ այցելել տեղւոյն հայկական կրթական եւ մշակութային օճախները: Շարժայի Օհաննէսեան վարժարան այցելութիւնը մենք պարտադիր կը նկատենք: Վարժարանին մէջ կը սորվին շուրջ 270 հայ երեխայ: Հոս մեր պատուիրակությիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հայոց թեմի առաջնորդ Տեր Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի, դպրոցի սաներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ»,-կը յայտնէ Տոնոյեան:
Ռուզան Տոնոյեան, խորհրդաժողովի աւարտին, հանդիպում ունեցած է Տուպայի Մուհամատ պըն Ռաշիտ անուան գրադարանի բաժանմունքներու բաժնի վարիչ-տեսուչ Ալի Ժումա ալ Թամիմի հետ, ուր ներկայ էր նաեւ գրադարանի սպասարկման բաժնի տնօրէն Խատիժա Մուհսէնը: Հանդիպումին վարիչ-տեսուչին հետ կը քննարկեն գործակցութեան միացեալ ծրագրեր ու նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Էմիրութիւններու գրադարաններու կրթական եւ մշակութային կապերու ամրապնդումին եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան խորացումին: «Այս գծով կարեւոր նկատուած են գրադարաններու միջեւ փորձառութեան փոխանակման ծրագիրներու մշակումը եւ վարպետութեան դասերու կազմակերպումը։ Այս բոլորը իրականութիւն կը դառնան 2025-ին։ Շարժայի հանրային «Իմաստութեան տուն» (House of Wisdom) գրադարանի հետ եւս ունինք նմանօրինակ պայմանաւորուածութիւն»։ կը յայտնէ Տոնոյեան:
2019-ին, Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպանատան աջակցութեամբ, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը առանձին տաղաւարով մասնակցութիւնը բերած էր Շարժայի միջազգային 38-րդ գիրքի ամենամեայ ցուցահանդէս տօնավաճառին (հոկտեմբեր 30 – նոյեմբերի 9):
Գրադարանին առաջնորդութեամբ, Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը, «GSM» սթուտիոն եւ «IBBY Հայաստան» մշակութային NGO-ն: Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, Ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն, «IBBY Հայաստան» NGO-ի նախագահ Ռուզան Տոնոյեան հանդիպում մը ունեցած էր Էմիրութիւններու մանկապատանեկան լաւագոյն հրատարակչութեան՝ «Քալիմաթ կրուփ»ի տնօրէն Ամնա Ճումայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ եւ արաբ մանկագիրներու գործերը երկու լեզուներով թարգմանելու հեռանկարային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: Կողմերը պայմանաւորուած են ստեղծելու հայերէն – արաբերէն երկլեզու գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ իրականացնելու հայ եւ արաբ հրատարակիչներու փորձառութեանց փոխանակման ծրագիրներ:
«Շահեկան է նման միջազգային տօնավաճառներուն Հայաստանի մասնակցութիւնը, որովհետեւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ հայ մշակոյթը ներկայացնելու օտարազգի գիրք ոլորտի ներկայացուցիչներուն՝ ստեղծելով մշակութային երկխօսութեան եւ հեռանկարային համագործակցութեան նախադրեալներ», – կ՛ընդգծէ Տոնոյեան:
Տնօրէն Ռուզան Տոնոյեանի նշումով, մանկական գրադարանի գործունէութեան մէջ չափազանց կարեւոր է միջազգային համագործակցութիւնը, եւ որպէս միջմշակութային երկխօսութեան վառ օրինակ, գրադարանին մէջ ստեղծուած են եւ տարիներ շարունակ կը գործեն «Գերմանական անկիւն» , «Չինական անկիւնը», «Իրանական անկիւնը» եւ «Արաբական անկիւնը», որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է 11 հոկտեմբեր 2019-ին, «Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարան»-ին մէջ, Ազգային մանկական գրադարանի նախաձեռնութեամբ եւ IBBY Էմիրութիւններու ու արաբական Քալիմաթ հիմնարկութեան օժանդակութեամբ եւ Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպանատան մասնակցութեամբ: Արաբական բաժնի գրադարանավարն է բնիկ հալէպահայ Մարալ Տիքպիքեան:
Բացման օրը, Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպան Մուհամմատ Իսա Ալ Զաապը յայտնած է, որ ծրագիրը իրականացուած է հանդուրժողականութեան տարուայ ծիրէն ներս.- «…Մենք հոս կը գտնուինք աւելի եւս զարգացնելու եւ խորացնելու համագործակցութիւնը մշակոյթի եւ կրթութեան ոլորտին մէջ», նշած է դեսպանը:
«Արաբական Անկիւնը» կը հանդիսանայ արաբական աշխարհի հարուստ պատմութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը, արուեստը եւ աւանդոյթները ծանօթացնելու եւ երկու մշակոյթներուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցու հարթակ մը».- ընդգծած է տնօրէն Տոնոյեան: Նոյն օրը գրադարանի թատերական խմբակը արաբերէնով կը ներկայացնէ Նուրա Ապպաս Ալ Խուրի «Ոսկիէ արմաւներ» հեքիաթը:
Մինչ այդ, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի 85-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս, 19 հոկտեմբեր 2018-ին, տեղի ունեցած էր գրադարանին «Արաբական անկիւն»-ի ոչ պաշտօնական բացումը, զոր կարելի եղած էր իրագործել շնորհիւ «IBBY Հայաստանի» գործընկեր «IBBY Էմիրութիւններու» գրադարանին նուիրած 1500 արաբերէն գիրքերով:
Բացման այդ արարողութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպան դոկտ. Ճասիմ Մուհամետ Ալ Քասիմին, IBBY Էմիրութիւններու հանրային կապերու ներկայացուցիչ Ալի Ալ Շեմարին, ինչպէս նաեւ՝ արաբական Քալիմաթ հիմնարկութեան ներկայացուցիչներ: Վերջիններս նորաստեղծ արաբական անկիւնին նուիրած են 100 հատոր արաբական գրականութիւն՝ շարժական գրադարանով:
Տոնոյեան կը յայտնէ, որ 19 փետրուար 2020-ին, գրադարան այցելութեան մը ընթացքին, նախարար Ա. Հարությունեան, ծանօթանալով մասնակից հրատարակչութիւններուն եւ գրատներու գործունէութեան, անոնց հրատարակած գիրքերուն, ծանոթացած էր նաեւ գրադարանի նորաբաց Արաբական անկիւնի աշխատանքներուն: Միաժամանակ, Էմիրութիւններու դեսպանութեան ներկայացուցչութիւնը նախարարին արաբերէն գիրքեր նուիրած է:
Էմիրութիւններ կատարուած աշխատանքային այցելութիւններու ծիրէն ներս, 16 նոյեմբեր 2024-ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէնն ու Արաբական անկիւնի պատասախանատու Մարալ Տիքպիքեան այցելած են Շարժայի ազգային Օհաննէսեան միօրեայ վարժարան: Ծանօթանալէ ետք գրադարանի բազմաբնոյթ կրթամշակութային ծրագրերուն, դպրոցին աշակերտները զիրենք հետաքրքրող հարցեր ուղղած են հիւրերուն եւ ցանկութիւն յայտնած մասնակցելու գրադարանին կողմէ կազմակերպուող ամառային ճամբարին:
Տեղին է նշել, որ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը 1991-էն ի վեր կը գործակցի Նիացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի, Իրանի ազգային, Ռուսիոյ մանկական, Լեհաստանի ազգային, Շթութկարտի քաղաքային, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Էսթոնիոյ, Շուէտի, Պելառուսիոյ ազգային գրադարաններու, Քրասնոտարի մարզի պատանեկան եւ այլ գրադարաններու հետ՝ գիրքի փոխանակութիւն կատարելով:
Սերտ կապեր ունի սփիւռքի մտաւորականութեան հետ:
Գրադարանը կը գործակցի տեղական կազմակերպութիւններու հետ եւ կ’անդամակցի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու
Հայաստանի տեղական դեսպանութիւններ, Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւն, Հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութիւն, դպրոցներ եւ մանկապարտէզներ, մշակութային ու կրթական կազմակերպութիւններ:
Գրադարանը կ՛անդամակցի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու՝ The Council of Europe Եւրոպական Խորհուրդ, Մանկապատանեկան գիրքի միջազգային կոմիտէին (IBBY), Երաժշտական գրադարաններու միջազգային ընկերութեան (The International Association of Music Libraries, Archives and Documentation Centres)-(IAML), Գրադարաններու միջազգային ընկերութեան (The International Federation of Library Associations)-(IFLA) եւ կը գործակցի Շարժայի «Kalimat group» հիմնարկութեան հետ:
Նշենք, որ Հայկական գրադարանային ընկերութիւնը, համագործակցութեամբ «Քալիմաթ հիմնարկութեան» (Kalimat Foundation – Kalimat Group) Հայաստանի գրադարաններուն նուիրած է 1000 հատոր գիրք: Գիրքեր ստացած են նաեւ Նոր Նորքի համայնքային, Արմավիրի եւ Արագածոտնի մարզային գրադարանները: Յառաջիկային, արաբական գրականութեամբ կը կ’օժտուին նաեւ այլ գրադարաններ:
16 Մայիսի 2024 -ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ «Արեւմտահայ գրականութեան ամիս» ծրագրի ծիրէն ներս «Կախարդական սփռոց» խորագրով ներկայացուած է արաբական եւ սուրիական խոհանոցը: Ձեռնարկին մասնակցած են Երեւանի «Վարդանանց ասպետներ» թիւ 106 դպրոցի տնօրէն Մարինէ Վարդանեանը, մանկավարժներն ու աշակերտները:
Պարգեւատումներ
Գրադարանը պարգեւատրուած է շնորհակալագիրերով, պատուոյ գիրերով եւ մետալներով:
11 հոկտեմբեր 2019-ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարության կողմէ շնորհակալագիր ստացած է՝ «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր» ծրագրին գծով կատարած ուշագրաւ ձեռնարկներուն, ինչպես նաեւ՝ մշակութային ժառանգութեան ժողովրդականացման մարզին մէջ անոր ունեցած աւանդին համար:
Ծանօթագրութիւն
Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը կը տանի նաեւ հրատարակչական աշխատանքներ 1963-էն ի վեր: Մինչ այսօր, հրատարակուած է աւելի քան 500 անուն մասնագիտական գրականութիւն՝ մեթոտական ձեռնարկներ, տեղեկատու-յանձնարարական ցանկեր, մատենագիտութիւններ, հայ դասական եւ ժամանակակից մանկագիրներու եւ երգահաններու կենսամատենագիտութիւններ, «Յիշարժան տարեթիւեր» օրացոյցը, ալպոմներ, ամսագրեր, հայ մանկապատանեկան տպագիր գիրքի եւ մամուլի մատենագիտական ցանկեր եւ այլն։
2004-ին միացած է Հայաստանի գրադարանային միացեալ ինքնաշխատացման (automation) ցանցի ձեւաւորման աշխատանքներուն: «Aleph» ծրագրով կը կատարուի հայատառ եւ ռուսատառ գրականութեան մուտքագրում, իսկ 2014-ին ստեղծուած ելեկտրոնային տուեալներու շտեմարանը կ’օգտագործուի ընթերցողներու սպասարկումը արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով: https://natchildlib.org/hy/patmutyun/
Գրադարանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն է կրթութեան ոլորտին մէջ արուեստական բանականութեան մուտքը, որուն մասին տնօրէն Ռուզան Տոնոյեան կ’ընդգծէ.-«Մենք կ’ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր արուեստական բանականութիւնը կը փոխէ ապրելու, աշխատելու, նոր գիտելիք ձեռքբերելու եւ կրթութիւն ստանալու ձեւերը: Արուեստական բանականութիւնը երթալով աւելի մեծ տարածում կը գտնէ կրթութեան ոլորտին մէջ, քանի որ ուսուցումը եւ կրթությունը բարելաւելու համար բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններ կ’օգտագործեն անոր ծառայութիւնները: Արուեստական բանականութիւնը մեր գրադարանի ծառայութիւններէն օգտուողներու համար դարձած է անհրաժեշտութիւն՝ հմտութիւն մը, զոր անոնք պէտք է ունենան: Արուեստական բանականութեան շատ գործիքներ կան, սակայն պէտք է որոշել անոնց օգտակարութիւնը կրթութեան մէջ:Գրադարանավարներուն համար կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել, թէ ինչպէս պէտք է գնահատել տեղեկութիւնը վերլուծելու եւ զայ օգտագործելու նոր եղանակներ գտնելու կարողութիւնը: Կը կարծեմ, որ այդ է մեր մարտահրաւէրը:
Comments