top of page

Սիւնակներ

Արշակ Չօպանեանի «ԱՆԱՀԻՏ» Հանդէսը

Շաքէ Մանկասարեան



Հայ գրա­կա­նու­թեան

ան­մահ­նե­րէն Ար­շակ ­Չօ­պա­նեանի (1872-1954),

ծննդեան 150-ամեակը կը նշենք ­այս տարի



15 Յու­լիս 2022-ին[1]:

Ա. Չօպանեան Փարիզի մէջ պէտք ունէր իր անձնական հանդէսին, որ «ԱՆԱՀԻՏ»-ը եղաւ[2]: Այս գրական, գեղարուեստական, գիտական եւ քաղաքական մեծադիր ամսաթերթը սկսաւ հրատարակուիլ 1898 նոյեմբերին: Չօպանեան այնտեղ ի լոյս ընծայեց բազմաթիւ յօդուածներ հայ գրականութեան, մշակոյթին, արուեստներուն վրայ: Ան լայնօրէն լուսաբանած է հայկական հարցը, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը: Իր հրատարակութեան առաջին տարիներուն «ԱՆԱՀԻՏ»ի էջերուն մէջ լոյս տեսած են քաղաքական իրադարձութիւնները վերլուծող, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ազգա


յին ինքնագիտակցութեան բարձրացման ու համախմբումին նպաստող յօդուածներ: Ան մեծ տեղ տուած է նաեւ հայ ազատագրական շարժումի անցած ճանապարհին, քննարկած է այդ ընթացքին եղած սխալներն ու թերութիւնները:

….

31 Յունուար 1929 թ. «ԱՐԵՒ» (ԺԵ. Տարի – թիւ 3037) Օրաթերթին մէջ, «ԱՆԱՀԻՏ» ՀԱՆԴԷՍԻՆ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ խորագրի ներքոյ Արշակ Չօպանեան կը գրէ .- «Անահիտ» պիտի ձգտի զուտ գրականութեան օրկան մը ըլլալ, ազատ մտածման եւ հարազատ արուեստի արտայայտութեանց հաւաքավայր մը:

Իմ փափաքս է որ «Անահիտ»–ի մէջ Հայաստանի եւ արտասահմանի գրողները քով քովի երեւան, միասին ծառայելու համար հայ մշակոյթի զարգացման, համազգային գործին ու իմ փափաքս է նաեւ որ այդ հանդէսին մէջ երկու գրական հոսանքներու իրական արժէքներուն վրայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ


արտասահմանի հայ հասարակութեան առարկայանօրէն եւ անկողմնակալօրէն տեղեկութիւն տրուի:

Պիտի ջանադիր ըլլամ նաեւ ուժ տալու մեր նախնեաց դասական կամ միջնադարեան լեզուով գրական արտադրութեանց կարեւոր էջերուն աշխարհաբարի վերածմամբ մեր նոր սերունդին մէջ տարածման կարեւոր գործին, որուն թանկագին ծառայութիւն մը մատուցին վերջերս Թորգոմ սրբազան Գուշակեան եւ Գարեգին սրբազան Խաչատուրեան Նարեկի իրենց կրկնակ թարգմանութիւններով, բայց որ դեռ շատ սահմանափակ չափով մը կատարուած է:

«Անահիտը«ը պիտի լոյս տեսնէ երկու ամիսն անգամ մը. Մեծադիր 160 էջէ բաղկացած հատորներու ձեւով, պատկերազարդ: Անոր հետ մտադիր եմ շարունակել Մատենադարան «Անահիտ»ի գրքոյկներու շարքը, ջանալու համար տարուան մէջ քանի մը հատորիկ հրատարակելով մեր ազգային գրական մատենադարանին ճոխացման նպաստել: Ա. ՉՕՊԱՆԵԱՆ Փարիզ, 25 Դեկտ. 1928

Յ.Գ. – Կը խնդրեմ որ «Անահիտ» հանդէսին բաժանորդ գրուիլ ուզողները հաճին այժմէն ինծի իմացնել: Թերթ պիտի ղրկուի միայն կանխիկ վճառողներուն: Տարեկան բաժնեգինն է 100 Ֆրանք ֆրանսայի համար. 5 տօլար Ամերիկա, մէկ անգլիական ոսկի՝ ուրիշ երկիրներ: (Մտաւորականներու եւ ուսանողներու համար մասնաւոր զեղչ:)

Անոնք որ կ’ուզեն ազգային հաստատութեանց, որբանոցներուն, հանրային մատենադարաններուն, «ԱՆԱՀԻՏ» նուիրել, կը խնդրեմ որ իրենց որոշումը հաճին ինծի հաղորդել: Հանդէսին վարչութեան եւ խմբագրութեան վերաբերեալ նամակ, գրութիւն եւ դրամական առաքում ուղղել հետեւեալ հասցէին. A. Tchobanian, 9, Rue Say Paris (9e)

———-

ԱՆԱՀԻՏ ԺԵ . ՏԱՐԻ ԹԻՒ 1, ՓԱՐԻԶ, ՅՈՒՆՈՒԱՐ – ՅՈՒՆԻՍ 1949 հանդէսին մէջ Ա. Չօպանեան կը գրէ

ԱՆԱՀԻՏի Ընթերցողներուն»

Ֆրանսայի ազատագրումէն անմիջապէս յետոյ որոշեցի վերոկսիլ «ԱՆԱՀԻՏ»–ի հրատարակումը զոր դադրեցուցած էի գերման գրաման շրջանին։ Յայտարարեցի՝ որ հանդէսիս բարելաւումը տեղի պիտի ունենար տարին երկու թիւ հրապարակ հանելու ձեւով: Այդ յայտարարութիւնը կէտ առ կէս գործադրեցի 1946 եւ 1947 տարիներու ընթացքին: 1948ի առաջին թիւը իր ժամանակին լոյս տեսաւ, բայց երկրորդը թիւը դեռ չէ երեւցած, հակառակ որ 1949ի Յունուարը վերջանալու մօտ է: Ոմանք ատկից հետեւցուցեր են թէ «ԱՆԱՀԻՏ»–ին կեանքը՝ նիւթական միջոցներու անբաւականութեան հետեւանքով՝ վտանգի մէջ է։ Ճիշդ չէ ատիկա։ Եթէ չըլլային կարգ մը ծանր աշխատութիւններ զոր ինչ ինչ ազգօգուտ կազմակերպութեանց անդամակցելուս համար հարկադրաւուած եմ կատարել, եթէ բոլոր ուժերս եւ ժամանակս «ԱՆԱՀԻՏ»ին յարտկացնէի, ան շատ աւելի բաժանորդներ կ՛ունենար եւ ես կարող կ՛ըլլայի տարին ոչ միայն երկու թիւ, այլ վեց թիւ հրապարակ հանել, որովհետեւ «ԱՆԱՀԻՏ», հակառակ իր անկանոն հրատարակութեան, բարեկամներ, գնահատողներ շատ ունի: Բայց ես չեմ կրնար թերթիս նիւթական շահերը պաշտպանելու համար հրաժարիլ քանի մը ազգօգուտ կազմակերպութեանց գործակցելով հայրենակիցներուս ծառայութիւն մատուցանելէ[3]: Ա.Չ. Փարիզ, 25 Յունուար 1949

ԱՆԱՀԻՏի գործակալներէն ալ կը խնդրեմ որ բարութիւն ունենան իրենց ստանձնած դերը քիչ մը աւելի եռանդով եւ արագութեամբ կատարելու: Ա.Չ.

1949-ի Գործակալներու ցանկէն յիշենք Հալէպ՝ Գիսակ Տէր Ղազարեան, Եղիա Նազարեան: Պէյրութ՝ Վահան Վարդանեան, Վահան Ուզունեան գրատուն, Պօղոսեան գրատուն: Գահիրէ՝ Վ. Զէյթունցեան: Աղեքսանդրիա՝ Մելգոն Գասպարեան: Պաղտատ՝ Տիգրան Գատոյեան: Թաւրիզ՝ Գրիգոր Շահոյեան: Պուքրէշ՝ Հ. Ինկիլիզեան: Պոսթըն՝ Օրիորդ Ա. Սուրեան: Նիւ Եորք՝ Բ. Նուրիկեան: Ֆրէզնօ՝ Վահէ Հայկ: Սան-Ֆրանսիսքօ՝ Կարապետ Մալխասեան: Ուսթըր՝ Մարտիրոս Չօպանեան: Ռիչմընտ՝ Ա.Յ. Ժամկոչեան: Պուէնոս-Այրէս՝ Գէորգ Սարաֆեան[4]:

Ա. Չօպանեան hրատարակեց հին բանաստեղծներու մոռցուած գործերը եւ ժամանակակից գրողներու անտիպ էջերը: Հոն տուաւ ուսումնասիրութիւններ շարք մը հայ եւ օտար գրողներու վրայ, ինչպէս Էմիլ Զօլա, Վինի, Պէրնառ Լազար, Աբովեան, Մխիթար[5], Կ. Երզնկացի, Ա. Սիւնեցի, Ն. Քուչակ, Շիրվանզադէ, Խրիմեան, Տիգրան Երկաթ, Յ. Սվաճեան, Թովմաս Թերզեան եւ այլն:

Թարգմանեց Էսքիլէսի Aeschylus «Պարսիկներ»-ը, Վինիի «Իլուա ու լա սէիւր տէս անժ» (Իլուա, հրեշտակներուն քոյրը), Չէթրթըն եւ Փարիզը, Կ. ֆլոպէռի «Հերովդիաս»-ը, ինչպէս եւ բազմաթիւ էջեր Միսթրալի, Ս. Մալարմէի, Վերլէնի, Հէրէտիայի, Մորէասի, Փ. Թ. Կօթէի, Պօտլեռի, Ա. Ֆրանսի, Ժ. Լըմէթռի, Վէրհառնի[6], Լըքոնթ տը Լիլի, Թէնի եւ Պէռնառ Լազարի:

Միեւնոյն ատեն ընդարձակ յօդուածներով հայ ընթերցողին կը ներկայացնէր արեւելեան գրականութեան մեծ վարպետները եւ կը հրատարակէր թարգմանութիւններ Օմար Խայեամի, Գ. Ֆընտգլեանի[7] գրիչով, «Շահնամէ»ի Տոքթ. Թիրեաքեանի գրիչով, «Հաֆըզ»ի եւ «Սաատի»ի, Մաքսուտեան վարդապետի գրիչով[8]:

Հայ գրականութեան ամէնէն անուանի դէմքերը աշխատակցեցան «ԱՆԱՀԻՏ»ի, գրական, պատմական լեզուագիտական, ցեղագրական, ճարտարապետական, երաժշտական եւ այլ ուսումնասիրութիւններով: Շիրվանզադէ հոն հրատարակած է իր «Կործոնուած»ը, Երուանդ Օտեան, Լեւոն Բաշալեան, Վահրամ Սվաճեան, Ա. Շաքլեան (Զ. Վարսամեան), Ատոմ Եարճանեան, Դ. Վարուժան, Վ. Թէքէեան, Ա. Յարութիւնեան, Զապէլ Եսայեան, Թլկատինցի, Ռ. Զարդարեան, Աւ. Իսահակեան, Վ. Մալէզեան, Ահարոն, Աղեքսանդր Ծատուրեան (Ռուսահայ բանաստեղծ), Դ. Դեմիրճեան, Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Գ. Ֆընտգլեան, Տոքթ. Քօլոլեան, Տոքթ. Արթինեան, Տիգրան Եսայեան, Տոքթ. Ս. Գաբրիէլեան, Բաբկէն Եպ. Կիւլէսերեան, Թորամանեան, Գար. Եպ. Յովսէփեան աշխատակցած են անոր:

Առաջին շրջանի »Անահիտ»ի հրատարակութիւնը 12 տարի տեւեց: Անոր դադարումէն յետոյ (1911), Չօպանեան աշխատակցեցաւ Պոլսոյ «Բիւզանդիոն»-ին, ինչպէս եւ Կովկասի եւ Ամերիկայի զանազան հրատարակութեանց: Աւելի ետքը (1917-1919) խմբագրեց «Վերածնունդ» ամսաթերթը:

«Ծաղիկը» սկիզբ դրաւ գրական-գեղարուեստական նոր շարժման, իսկ «Անահիտը»՝ հայ մամուլի պատմութեան մէջ մնաց գեղարուեստական եւ գրականագիտական հանդէսի եզակիօրէն հարուստ օրինակ։

Ընթերցողին Առ Ի ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ

Պատանութեան օրերէն Չօպանեանը մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ եւրոպական մշակոյթի նկատմամբ՝ փայփայելով Ֆրանսայի մէջ ուսումը շարունակելու երազանքը: Սակայն նիւթական սուղ պայմանները հնարաւորութիւն չեն տուեր այն իրականացնելու:

Աւարտելով Կեդրոնականը՝ ան աշխատանքի կ’անցնի Կ. Պոլսոյ Հայկական դպրոցներուն մէջ, իսկ Հայրենիք» ազգային-գրական եւ քաղաքական օրաթերթի հիմնադրութիւնէն յետոյ (1891 թ.) Արփիար Արփիարեանի կողմէ կը հրաւիրուի աշխատակցելու թերթին՝ Իբրեւ օգնական խմբագիր եւ մնայուն աշխատակից: «Հայրենիքի» շուրջ համախմբուած էին ժամանակի արեւմտահայ մտաւորականութեան ականավոր դէմքերը՝ Գրիգոր Զօհրապը, Լ. Պատալեանը, Տ. Կամսարականը, Եղ. Տեմիրճիպաշեանը, Թլկատինցին, Լ. Սեղբոսեանը (Շանթ), Երուանդ Օտեանը, Մ. Կիւրճեանը եւ ուրիշներ։ Չօպանեանին բախտ վիճակուեր էր գործելու այդ նշանաւոր մտաւորականներու ընկերակցութեամբ, անոնց բարեբախտ ազդեցութեամբ կրթելու հրապարակախօս-քննադատի իր միտքն ու գեղագէտի ճաշակը:

«Հայրենիքին» զուգահեռ եւ նոյնպիսի եռանդով Չօպանեան կ’աշխատակցի նաեւ 1892-ին Հրանդ Ասատուրի եւ Գրիգոր Զօհրապի նախաձեռնութեամբ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Մասիս» գրական շաբաթաթերթին, առանձին գրութիւններ կ’ուղարկէ «Արեւելքին», կը տպագրուի արեւելահայ պարբերականներուն եւ ֆրանսական լրագիրներու մէջ:

Ինք­նու­րոյն եւ թարգ­մա­նա­կան գոր­ծե­րով աշ­խա­տակ­ցե­լով «­Բու­րաս­տան ման­կանց», «Ա­րե­ւելք», «­Մա­սիս» եւ «­Հայ­րե­նիք» պար­բե­րա­կան­նե­րուն։ 1895ին խմբագ­րեց «­Ծա­ղիկ» կի­սամ­սեայ թեր­թը։ ­Նոյն տա­րին, իր կար­գին խոյս տա­լով ­Հա­մի­տեան իշ­խա­նու­թեանց հե­տապն­դում­նե­րէն, տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, որ դար­ձաւ իր մնա­յուն բնա­կա­վայ­րը։ ­Ձեռ­նար­կեց «Ա­նա­հիտ» գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մե­ծար­ժէք հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան (1898–1911, նոր շրջան` 1929–49)։ ­Նաեւ մաս­նակ­ցե­ցաւ «­Վե­րած­նունդ» (1917–19) եւ «Ա­պա­գայ» (1921–24) թեր­թե­րու խմբագ­րու­մին[9]։

***

Յատուկ պեղումներու աշխատանքիս շնորհիւ հետեւեալ ցանկը պատրաստած եմ, որ կ’ամբողջացնէ Արշակ Չօպանեանի գրական գործունէութեան ընթացքին յապաւումով յիշատակուած անուններ նշանաւոր հայ եւ օտար մտաւորականներու մասին:

  • Էմիլ Ֆրանսուա Զոլա (ֆր.՝ Émile Zola եղեր է XIX դարի 2-րդ կէսի ռեալիզմի ամենավառ ներկայացուցիչնեէն մէկը, նաթուրալիստական շարժման առաջնորդն ու տեսաբանը։

  • Alfred Victor de Vigny ֆրանսացի գրող, կոմս։ Ալֆրէտ Վիքթոր տը Վինի (ֆր.՝, Chatterton (1835). Éloa, ou La Sœur des Anges (1824).

  • Bernard Lazare ( 1865 – 1903, Paris) եղեր է ֆրանսացի գրականագետ, քաղաքական լրագրող, polemicist, and anarchist.

  • Խաչատուր Աբովեան (15 Հոկտեմբեր 1809, Քանաքեռ – 14 Ապրիլ 1848 կամ 1848, Երեւան, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն, արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան: Դորպատի (քաղաք Էսթոնիա) համալսարանի Փրոֆէսէօրի Ֆրիդրիխ Պարրոտը՝ մի խումբ գիտնականներով Արարատի գագաթը բարձրանալու համար։ Փրոֆէսէօրի խնդրանքով կաթողիկոսը Աբովեանին՝ որպէս տեղական հանգամանքներուն ծանօթ անձնավորութեան, թոյլ կու տայ մասնակցիլ այդ գիտական արշաւախումբին: Արշաւախումբը Արարատի գագաթը բարձրացաւ երրորդ փորձէն 1829 թ. : Աբովեանը սառոյցի վրայ՛ փոս ըրաւ ու տեղադրեց փայտր խաչ՝ ուղղուած դէպի հիւսիս։ Ան նաեւ սառոյցի կտոր դրաւ շիշի մէջ ու իջեցուց, որպէս սուրբ ջուր։ Հետագային Արարատի գագաթը բարձրանալը յայտարարուեր է «սրբապղծութիւն», եւ Աբովեանը հալածուեր է հոգեւորականներու կողմէն։ Նոյն տարուայ նոյեմբերի 8-ին Աբովեանն ու Պարրոտը բարձրացան Փոքր Արարատի՝ Սիսի գագաթը։

  • Մխիթար Սեբաստացի (Փետրուար 7, 1676, Սեբաստիա – Ապրիլ 27, 1749, Սուրբ Ղազար կղզի, Վենետիկ, Վենետիկի հանրապետութիւն), հայ կաթոլիկ եկեղեցական գործիչ, հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր։ 1712 թ. Հռոմի պապը Սեբաստացիին շնորհեր է աբբահօր կոչում: Մխիթար Սեբաստացին աշխարհաբարի քերականութեան առաջին դասագիրքի՝ «Դուռն քերականութեան աշխարհաբար լեզուին հայոց»-ի (1727 թ.) հեղինակն է։ Ուշագրաւ է նաեւ անոր «Տաղարան» (1727 թ.) ժողովածուն, որուն բանաստեղծություններու մէկ մասը, որպէս շարական, Սեբաստացու երաժշտութեամբ, կ՛երգեն ցայսօր։

  • Կոստանդին Երզնկացի(1250, Երզնկա – 1314), տաղերգու, հայ միջնադարեան տաղերգութեան ամենանշանաւոր դեմքերէն մէկը։

  • Առաքել Սիւնեցի (հայ վարդապետ, եկեղեցական գործիչ, արքեպիսկոպոս, Սիւնեաց մետրոպոլիտ (1407-1425), Տաթեւի վանքի վանահայր, մատենագիր, տաղասաց, ծաղկող, փիլիսոփայ, երաժշտութեան տեսաբան։ Գրիգոր Տաթեւացու քրոջ որդին է։

  • Նահապետ Քուչակ, հայ աշուղ-երգիչ։

  • Ալեքսանդր Շիրվանզադէ, արձակագիր, հայ թատերագիր։ Շիրվանզադէն, Կոստան Զարեանը եւ Յովհաննէս Աբելեանը (դերասան, բեմայարդար) երեք քոյրերու զաւակներ են։

  • Մկրտիչ Ա Վանեցի (Խրիմեան Հայրիկ) հայ եկեղեցւոյ 125-րդ կաթողիկոսը

  • Տիգրան Երկաթ (Կարապետ Պիլեզիկճեան) (1870, Ստամպուլ, Օսմանեան կայսրութիւն – 1899, Եգիպտոսի խետիվատ, Օսմանեան կայսրութիւն), հայ գրող, հրապարակախօս, գրական-հասարակական գործիչ։ Մտերմական կապեր ունեցեր է Էմիլ Զոլայի, Ժան Ժորեսի եւ այլ ականաւոր դէմքերու հետ։

  • Յարութիւն Սվաճեան (1831, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն – 1874, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն)՝ 19-րդ դարու հայ յառաջադէմ մտաւորական, «Մեղու» պարբերականի հիմնադիրն ու խմբագիրը։

  • Թովմաս Թերզեան, Մայրը՝ Իտալացի, հայրը՝ յունախօս Իզմիրցի, բանաստեղծ եւ թատերագիր։ Ընթացաւարտ՝ 1858-ին, եւ տան ու Մուրատ Ռափայէլեանի մէջ տիրացած իտալերէնի, յունարէնի, Ֆրանսերէնի, թուրքերէնի, հին յունարէնի, լատիներէնի եւ անգլերէնի. կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզի, Պոլիս, Խասգիւղի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, ուր իր աշակերտները եղած են Ռեթէոս Պէրպէրեան եւ Մինաս Չերազ։

  • Էսքիլես Greek: Αἰσχύλος «Պարսիկները» հին յունական ողբերգութիւն է, որ գրուած է Հին Յունաստանի դասական ժամանակաշրջանին յոյն ողբերգակ Էսքիլէսի կողմէն։

  • Կիւսթաւ Ֆլօպէռ Gustave Flaubert, (1821 – 1880), ֆրանսացի գրող, 19-րդ դարու եւոպական գրականութեան ամէնամեծ ներկայացուցիչներէն մէկը։

Joseph Étienne Frédéric Mistral, Ֆրետերիք Միսթրալ (1830 – 1914) Occitan literature as Provençal literature -ի բանաստեղծ, գրականութեան գիծով Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր (1904)։

Stéphane Mallarmé Սթեֆան Մալլարմէ (1842 – 1898 Valvins), ֆրանսացի բանաստեղծ, սիմվոլիզմի հայրերէն։ Հայ իրականութեան մեջ Մալլարմէի ստեղծագործութեանը անդրադարձել է նաեւ Միսաք Մեծարենցը:

Paul-Marie Verlaine Փօլ Վեռլեն (1844 – 1896) ֆրանսացի բանաստեղծ։ Փօլ Վեռլենի «Ընտիր բանաստեղծութիւններ», Երեւան, «Ապոլլոն» հրատարակչութիւն, 1995, 204 էջ, թարգմանութիւնը ֆրանսերէնէ Հենրիկ Բախչինյանի։

Henri René Albert Guy de Maupassant Կի Տը Մօփասան, (1850 – 1893) ֆրանսացի գրող, Թէպէտեւ Կի տը Մօփասանը չէր սիրեր Էյֆելի աշտարակը, ան ամէն կը ճաշէր այնտեղի սրճարաններէն մէկուն, քանի որ Փարիզի մէջ այդ միակ տեղն էր, որ աշտարակը չէր երեւեր։

Pierre Jules Théophile Gautier Փիեռ Ժիւլ Թէօֆիլ Կօթիէ (1811 – 1872) ֆրանսացի գրող, քննադատ։ Բառնասեան դպրոցի սկզբնաւորողներէն։

José-Maria de Heredia ( 1842 – 1905) Քուպայական ծագումով ֆրանսացի Բարնասացի բանաստեղծ էր։ Ան 15-րդ անդամն էր, որ ընտրուեր է 1894 թ. Ֆրանսայի ակադեմիայի 4-րդ նստավայրին մէջ։

Jean Moréas Ժան Մորէաս (1856 – 1910) յոյն բանաստեղծ, քննասիրութիւն գրող(essayist), եւ արուեստի քննադատ, գրած է մեծ մասամբ ֆրանսերէն, բայց նաեւ յունարէն իր երիտասարդութեան օրերուն:

Charles Pierre Baudelaire (1821 – 1867) ֆրանսացի բանաստեղծ, արուեստաբան։

Alphonse Daudet, Ալֆոնս Տօտէ (1840 – 1897 Փարիզ), ֆրանսացի վիպասան եւ թատերագիր,

Hippolyte Adolphe Taine Հիփփօլիտ Ատոլֆ Թէն (1828 – 1893) ֆրանսացի փիլիսոփայ, գրող, գեղագէտ, գրաքննադատ, պատմաբան։ Նաթուրալիզմի գեղագիտական տեսութեան և մշակութա-պատմական դպրոցի հիմնադիրը։

Charles Marie René Leconte de Lisle Շառլ Լըքոնթ տը Լիլ (1818 – 1894) ֆրանսացի բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ-հանրապետական։ Ֆրանսայի ակադեմիայի անդամ (1886)։ 1848 թ. յեղափոխութեան մասնակից։ «Բառնասի» (Parnassianism ) գեղագիտութեան հիմնադիրը։

Émile Adolphe Gustave Verhaeren Էմիլ Ատօլֆ Կիւսթաւ Վերհառն (1855 – 1916) Պելճիքացի բանաստեղծ, թատերագիր, քննադատ։ Կրթութեամբ իրաւաբան։

François Élie Jules Lemaître Ֆրանսուա Էլի Ժիւլ Լըմէթռ (1853 – 1914)

Anatole France բուն անունով François-Anatole Thibault, (1844 – 1924) ֆրանսացի գրող եւ գրաքննադատ, մեծ մարդասէր, ակադեմիկոս, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր (1921) «ի նշան գրական փայլուն նուաճումներու, որոնք բնութագրուած են ոճի նրբաճաշակութեամբ, մարդկային խոր կարեկցանքով, գրաւչութեամբ եւ ճշմարիտ ֆրանսացի գաղդիական (Gallic) խառնուածքով:

  • Յարութիւն Թիրեաքեան (25 Փետրուար 1845, Բաբերդ, Թուրքիա – 1919, հայ բժիշկ, բանասէր, թարգմանիչ, հայագէտ, արեւելագէտ, մշակութային գործիչ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցող քաղաքական հալածանքներուն պատճառով, 1896-ին տեղափոխուած է Պարսկաստան, ուր նշանակուած արքունի բժիշկ։ 1907-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Նիւ Եորքի մէջ։ Յարութիւն Թիրեաքեան կատարած է պարսիկ նշանաւոր բանաստեղծ Ֆերտոսի «Շահնամէ » բանաստեղծութիւնը թարգմանութիւնը 1909-ին: Մահացած է Նիւ Եորք՝ 1919-ին: Անոր աշխատութիւնները յետմահու հրատարակած է որդին՝ Միհրդատ Յարութիւն Թիրեաքեան (1885, Ստամբուլ – 1970, Նիւ Եորք, ԱՄՆ), հայ գրող, թարգմանիչ։

  • Մեսրոպ վարդապետ Մաքսուտեան (1876 – 1918), բանասէր, թարգմանիչ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացեր է Կ. Պոլիս։ Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, Սորպոնի համալսարան, հետեւեր լեզուաբանութեան դասընթացներուն, աշակերտեր է ֆրանսացի լեզուաբան, հայագէտ, սլավոնագէտ, հասարակական գործիչ Antoine Meillet Ա. Մեյէին։ Գրած է յօդուածներ, կատարած թարգմանութիւններ «Հաֆեզ»-էն ու «Սաադի»էն, որոնք տպագրած է «Անահիտ», «Լումա», «Արարատ», «Տարազ» պարբերականներուն մէջ։

  • Աղբիւրներ՝ Զաւէն Աբեղայ Չինչինեան, ՍԻՈՆ ՅՈՒՆԻՍ 1954, https://arar.sci.am/dlibra/publication/66863/edition/60259/content

  • ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ-150, Հայաստանի Ազգային Գրադարան

  • Երեւան Սովետական Գրող 1988, Դասական Երկեր https://tert.nla.am/archive/HAY%20GIRQ/Ardy/1981-2000/chopanyan_1988.pdf

  • THIS WEEK IN ARMENIAN HISTORY ARSHAG TCHOBANIAN, (July 15, 1872) https://milwaukeearmenians.com/tag/boghos-nubar-pasha/

[1] Արշակ Չօպանեան, Ծննդեան 150-ամեակ, Շաքէ Մանկասարեան, https://youtu.be/RwcfYyA9TvI

[2] ԱՆԱՀԻՏ հանդէսին նոր շրջանը, Ա. Չօպանեանի յօդուածը, https://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Arev/1929/3037.pdf Արեւ Օրաթերթ, 31 Յունուար 1929

[3] «ԱՆԱՀԻՏ» ԺԵ . ՏԱՐԻ ԹԻՒ 1, ՓԱՐԻԶ, ՅՈՒՆՈՒԱՐ – ՅՈՒՆԻՍ 1949 https://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Anahit_paris/1949/1.pdf

[4] ԱՆԱՀԻՏի Գործակալներու ցանկ, https://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Anahit_paris/1949/1.pdf

[5] Արշակ Չօպանեանի բառերով ըսած` «Մխիթարեանները բացին ողջ Արեւմուտքը հայերու առջեւ» (Չօպանեան 1924):

[6] Էմիլ Վերհառնը մտերիմ եղած է Ա․ Չօպանեանի, Էտկար Շահինի հետ։ Չօպանեանի «Կեանք եւ երազ» գիրքին համար 1913 թ. գրած է յառաջաբան, ուր անոր ստեղծագործական արժանիքները կապեր է հայ մշակոյթի դարաւոր աւանդոյթներուն հետ։ Հայ մամուլի մէջ Էմիլ Վերհառի մասին յօդուածներով հանդէս եկեր են Արշակ Չօպանեանը, Ա Ասքանազ Մռավեանը, Կոստան Զարեանը եւ ուրիշներ։

[7] Պրն.Գառնիկ Ֆընտգլեան, որ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի չափ քաջ գիտէ նաեւ պարսկերէնը եւ Օմար Խայեամը թարգմանած է լաւագոյն յաջողութեամբ, խոստացած է յառաջիկայ բանախօսութեամբ մը Մանչէսթըրի հայ երիտասարդներուն ճանչցնել Օ. Խայեամը եւ իր գործը: Տե՛ս Արեւ Օրաթերթ 22 Մարտ 1932 https://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Arev/1932/4004.pdf

[8] http://arar.sci.am/Content/170477/file_0.pdf Մեսրոպ Վարդապետ Մաքսուտեան

[9] Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան (1872-1954). https://azator.gr/?p=5616

0 comments

Comments


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page